2016-12-15 12:47:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 15 հոկտեմբերի քարոզը` ''Յիսուսի վկայութիւնը Յովհաննէս Մկրտիչի մասին''։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 15 դեկտեմբերին, Սուրբ Պատարագի ընթացքին ընթերցուեցաւ Ղուկաս Աւտարանիչէն այն պարբերութիւնը, ուր կը պատմուի թէ Յիսուս դրուատիքով կը խօսի  Յովհաննէս Մկրտիչի մասին (Ղուկ Է. 24-30)։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաւօտեան Սուրբ Պատարագի քարոզին մէջ անդրադառնալով Ղուկասի Աւետարանի ընթերցումին, նշեց թէ Յովհաննէս Մկրտիչ իր քարոզութեան մէջ հաւատարիմ մնաց իր կոչումին եւ ճշմարտութեան՝ նոյնիսկ վտանգելով իր կեանքը։ Յիսուսի վկայութենէն յայտնի է, թէ Յովհաննէսի մեծութիւնը իր արտայայտութիւնը կը գտնէր նաեւ անոր քարոզութեան մէջ։

“Յովհաննէս Մկրտիչ կը քարոզէր ուժեղ կերպով, փարիսեցիներուն, օրէնքի վարդապետներուն եւ քահանաներուն հասցէին կ’ուղղէր խիստ խօսքեր։ Զանոնք կ’անուանէր ’իժերու ծնունդ’։ Նաեւ Հերովդէս թագաւորին ուղղած խօսքերը խիստ էին։”

Սրբազան Քահանայապետը մէջբերումներ կատարեց Յովհաննէս Մկրտիչի խօսքերէն, հրապարակային պաշտօնեաներուն ուղղած անոր խրատները մերձեցնելով ներկայ ժամանակի գործող անհատներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.